ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երկու օր առաջ Սոչիի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ՀԱՊԿի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի սեղմ կազմով հանդիպումին մասնակցեցաւ, ուր իր ելոյթին մէջ քննադատեց ՀԱՊԿ անդամ որոշ երկիրներ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ իրենց կատարած յայտարարութիւններուն համար:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 Սեպտեմբերին ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի խումբ մը անդամներ՝ կառոյցի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ:

Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Արմէն Մովսիսեան Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարած է, թէ Մեծամօրի հիւլէակայանը պիտի գործէ մինչեւ 2026:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- 2013ի Յունուար-Յունիսին Հայաստան այցելած են 321,279 զբօսաշրջիկներ, որոնք 14.3 տոկոսով աւելի են նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի այցելուներուն թիւէն:

ՀՅԴ Սիւնիքի մարզային կոմիտէն յայտարարութիւն մը տարածեց Սեպտեմբեր 29-ին թիւ 38 ընտրատարածքին մէջ մեծամասնական ընտրակարգով կայանալիք ընտրութիւններու վերաբերեալ: