ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ին առաջին տարեդարձին առիթով 7 Հոկտեմբերին կեդրոնի գրասենեակ այցելեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը. ան հաստատեց, որ սուրիահայերը Հայաստան բերին նոր մշակոյթ, աշխատանքի նուիրում եւ պատասխանատուութիւն:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սեպտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ 280 սուրիահայ ուսանողներու 2013-2014 ուսումնական տարուան կրթավճարներու փոխհատուցման վկայագիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Հոկտեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան աշխատակազմի քաղաքացիական ծառայութեան թափուր պաշտօններու համար յայտարարուած մրցոյթին յաղթող ճանչցուած եւ սահմանուած փորձաշրջան անցած 11 քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւն,

Արժանթինի տեղական մարմնոյ ապահոված միջոցներով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Տաւուշի մարզի Խաչարձան գիւղին մէջ կը կառուցէ բուժկետ:

Անցեալ տարուայ յաջող կազմակերպումէն ետք, այս տարի եւս իրականացաւ «Մոթոքրոս»ի մրցաշարքը, «Ռետ Պուլ» խմիչքի հովանաւորութեամբ: