Հոկտեմբեր 4-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան աշխատակազմի քաղաքացիական ծառայութեան թափուր պաշտօններու համար յայտարարուած մրցոյթին յաղթող ճանչցուած եւ սահմանուած փորձաշրջան անցած 11 քաղաքացիական ծառայողներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւն,

որուն ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը, Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդի նախագահ Մանվէլ Բադալեանը, ԱԺ պատգամաւոր Արտակ Զաքարեանը, պետական-հասարակական գործիչներ, ուսուցիչներ, սփիւռքահայեր:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 5 ամեակի առիթով ներկաներուն ողջունեց, ՀՀ վարչապետի անունով շնորհաւորեց եւ պարգեւներ յանձնեց ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը:

Միջոցառման ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յոբելեանական 5 ամեակի առիթով պարգեւատրուեցին նախարարութեան նախկին եւ ներկայ աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ անհատներ, ովքեր իրենց ներդրումն են ունեցել նախարարութեան կայացման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործով: