ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սեպտեմբեր 7-ին տեղի ունեցաւ 280 սուրիահայ ուսանողներու 2013-2014 ուսումնական տարուան կրթավճարներու փոխհատուցման վկայագիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Ողջունելով սուրիահայ ուսանողութիւնը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կոչ ըրաւ լաւ սորվիլ եւ ձեռքբերած գիտելիքները ծառայեցնել Հայաստանի մէջ, յանուն Հայրենիքի բարգաւաճման:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան սուրիահայութեան հանդէպ պետական մշտական հոգածութեան համար՝ ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան անդամ Վազգէն Եակուբեան նշեց, որ ուսանողներու վարձավճարներու փոխ հատուցումը իրենց պարտքն է, պարտականութիւնը, որ կը կատարեն սիրով: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչը: