Անցեալ տարուայ յաջող կազմակերպումէն ետք, այս տարի եւս իրականացաւ «Մոթոքրոս»ի մրցաշարքը, «Ռետ Պուլ» խմիչքի հովանաւորութեամբ:

Արտաշատ քաղաքին մէջ իր աւարտին հասաւ մոթոքրոսի բաց առաջնութեան առաջին փուլը, որուն կը մասնակցէր 16 մարզիկ՝ Երեւանէն եւ Արտաշատէն:

Առաջնութեան կազմակերպիչ Գրիգոր Սարգսեանը դիտել տուաւ, որ նման մրցաշարի կատարումը կարեւոր է, քանի որ մարզաձեւը Հայաստանի մէջ զարգացած չէ, եւ առիթներ պէտք է տալ որպէսզի հանրութիւնը տեսնէ, վայելէ, եւ ինչու չէ՝ նաեւ մասնակցի դիտարժան ու տպաւորիչ այս մարզաձեւին: Ըստ անոր կարծիքին՝ նման միջոցառումները կը նսպաստեն այս մարզաձեւի առաջընթացին: