Համահայկական Մարզախաղերու Համաշխարհային Կոմիտէութեան Անդամական Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ 23 Սեպտեմբեր 2013ին, Ստեփանակերտի մէջ։

Սթրազպուրկի մէջ Հոկտեմբեր 2ին կայացան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումները Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Ժան-Գլօտ Մինիոնի, Եւրոպայի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպէօրն Եագլանտի եւ Մարդկային իրաւանց յանձնակատար Նիլս Մուիժնիքսի հետ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 1 Հոկտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ փակ քուէարկութեամբ Հայաստանի գլխաւոր դատախազ ընտրուած է Գէորգ Կոստանեանը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան լրագրողներուն խօսելով յայտնեց, որ ակնյայտ էր, որ Մաքսային միութեան միանալու մասին Հայաստանի յայտարարութիւնը իրավիճակային լուծում էր:

ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԵՆ ՏԱՐԲԵՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը իր 5-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ կազմակերպած է  միջոցառումներու  շարք մը, որ կը ներառնէ շնորհանդէս, մրցանակաբաշխութիւն, ցուցահանդէս, ընդունելութիւն, պարգեւատրում, այցելութիւններ, համերգներ: