Աշխարհահռչակ աստղագէտներ ժամանած են Երեւան մասնակցելու համար ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ մէջ կազմակերպուող աստեղագիտական միջազգային գիտաժողովին:

Բացումը տեղի ունեցաւ երէկ 7 Հոկտեմբերին, ՀՀ ԳԱԱ նիստերու դահլիճէն ներս: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեանը, Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Հայկ Յարութիւնեանը, ՀՀի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ճոնաթան Աւես, եւ այլ անձնաւորութիւններ:

Գիտաժողովը կեդրոնացուցած է տարբեր երկիրներէ ժամանած աստղագէտներու հետաքրքրութիւնը, որոնք զեկուցումներով հանդէս պիտի գան ժողովին: Նախատեսուած են աւելի քան 60 բանաւոր զեկուցումներ:

Հայ անուանի աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի 100-ամեակին նուիրուած միջազգային այս գիտաժողովին մասնակցելու փափաք յայտնած է շուրջ 145 գիտնական աշխարհի աւելի քան 30 երկրէ: Ասիկա արդէն կա- րեւոր ցուցանիշ կը համարուի Հայաստանի մէջ երբեւէ իրականացած գիտական ձեռնարկներու ողջ պատմութեան մէջ: Գիտաժողովը նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ ՄԱՄ-ի, ՀՀ ԳԱԱ-ի, ՀՀ ԿԳՆ գիտութեան պետական կոմիտէի, UNESCO-ի, UCOM-ի, UniComp-ի եւ այլ կառոյցներու կողմէ:

Նշենք, որ Հայաստանի մէջ նման գիտաժողովներ կազմակերպուած են 1966ին, 1986ին, 1989ին, 1998ին եւ 2001ին: Ներկայի միջոցառումը իր շարքի 6րդն է: