Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, յայտնեց, որ Հայաստան պիտի մասնակցի Վիլնիուսի վեհաժողովին

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ Սուրիահայերու հարցերով զբաղող յատուկ յանձնաժողովի նախագահ Ֆիրդուս Զաքարեան յայտնած է, թէ Հայաստան տեղափոխուած եւ հոն բնակող Սուրիահայերու թիւը 10 հազարը գերազանցած է: Անոնք Հայաստան կու գան անցնելով ընդհանրապէս Լիբանանէն եւ Եգիպտոսէն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Այս օրերուն Ոսկեհատ Վարդանեան թեւակոխած է իր 100ամեակը։ Ան Մարտունիի տարածքի Աստղաձոր համայնքի բնակիչ է: Ամուսնանալով համագիւղացի Սիրական Վարդանեանի հետ՝ ունեցած են 15 զաւակներ, որոնցմէ այժմ կենդանի են 6ը:

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի քննարկման ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձին առիթով համաներում յայտարարելու մասին առաջարկը: