Հայաստանի մայրաքաղաքը կը պատրաստուի իր յոբելեանը նշել Հոկտեմբեր 12ին

Երկու օրէն Երեւանի 2795-րդ տարեդարձն է։ Այս առիթով մայրաքաղաքի քաղաքապետարանը ճոխ տօն կը խոստանայ, ծախսելով շուրջ 200 միլիոն դրամ։

Արմաւիրի «Բաղրամեան» զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցող «Արձագանգ-2013» ռազմավարական մարզումներով Հայաստան կը բարձրացնէ պետական եւ ռազմական կառավարման մարմիններու աշխատանքի ներդաշնակութեան մակարդակը՝ ռազմաքաղաքական իրավիճակի սրման պարագային:

Երեւանի մէջ կը գումարուի Եւրոպայի դախատազներու խորհըրդատուական խորհուրդի 8-րդ լիագումար նիստը, որու ընթացքին կը քննարկուի «Դատախազութեան եւ ԶԼՄ-ներու փոխ յարաբերութիւնները» թիւ 8 կարծիքի նախագիծը։

Հոկտեմբեր 6ին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Փարիզէն ժամանած պատուիրակութիւնը՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ նախկին դեսպան Հանս Եոհան Շմիդտը: