Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար էդուարդ Նալբանդեան այսօր Պրիւքսելի մէջ կը հանդիպի Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Աշթընի հետ:
Հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուի Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի հետագայ համագործակցութեան հեռանկարներու հարցը։ Պիտի քննարկուին նաեւ Վիլնիւսի մէջ Նոյեմբերին ծրագրուած գագաթաժողովի հարցերն ու ակնկալիքները: