Հայաստանի մայրաքաղաքը կը պատրաստուի իր յոբելեանը նշել Հոկտեմբեր 12ին
Երկու օրէն Երեւանի 2795-րդ տարեդարձն է։ Այս առիթով մայրաքաղաքի քաղաքապետարանը ճոխ տօն կը խոստանայ, ծախսելով շուրջ 200 միլիոն դրամ։
Այսուհանդերձ բաւական գաղջ են ժողովուրդի արտայայտութիւնները, որոնք պերճութիւն կը սեպեն այսքան մեծ գումարի ներդրումը նման տօնական ծրագրի իրագործման համար։
Ըստ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդման, յստակ չէ թէ այս գումարի քանի տոկոսը քաղաքային պիւտճէէն պիտի տրամադրուի, քանի որ պատասխան չէ տրուած քաղաքապետարանէն, սակայն ծանօթ է թէ անցեալ տարուայ ծախսուած գումարի կէսը տրամադրած էր Երեւանի քաղաքապետարանը։
Երեւանցիները տարբեր կարծիքներով կը մօտենան հարցին, յորդորելով «խելամիտ» ծախսել գումարները։
Տարբեր միջոցառումներ նախատեսուած են քաղաքի վարչական տարբեր շրջաններուն մէջ, մշակութային եւ գեղարուեստական ելոյթներով։ Շենգաւիթ վարչական շրջանին մէջ տօնական միջոցառումներու մեկնարկը տրուեցաւ արդէն «Երեւանը երգերի մէջ» խորագիրը կրող համերգային ծրագրով:
Միջոցառման ընթացքին հնչած բոլոր կատարումները նուիրուած էին Երեւանին: