Երեւանի մէջ կը գումարուի Եւրոպայի դախատազներու խորհըրդատուական խորհուրդի 8-րդ լիագումար նիստը, որու ընթացքին կը քննարկուի «Դատախազութեան եւ ԶԼՄ-ներու փոխ յարաբերութիւնները» թիւ 8 կարծիքի նախագիծը։
Նախագիծին մէջ կը նշուի, թէ «մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն եւ ազատութիւններն են անձի խօսքի, ազատութան իրաւունքի՝ ներառեալ տեղեկութիւններ ու գաղափարներ փընտռելու, ստանալու ու տարածելու ազատութեան իրականացումը օրէնքով ապահովելու պահանջը»:
Նիստին մասնակցելու համար Երեւան ժամանած են Եւրոպայի Խորհուրդի անդամ շուրջ 40 երկիրներու պատուիրակութիւններ, Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարութեան ներկայացուցիչներ։ «Դատախազութեան եւ ԶԼՄ-երու փոխ յարաբերութիւնները» նիւթով ԵԴԽԽ լիագումար նիստը կը տեւէ երկու օր՝ Հոկտեմբեր 8 եւ 9-ը։