Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ նախկին դեսպան Հանս Եոհան Շմիդտը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Գերմանիա-Արցախ փոխադարձ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ան այցելեց նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի:
Գերմանացի դիւանագէտը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր «Արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքար. Գիւլիստանից մինչեւ մեր օրերը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովին, յայտնած է, թէ Արցախ մնացած է շրջագայելու եւ մօտէն ծանօթանալու երկրին մէջ տիրող իրադրութեան, նաեւ լաւապէս ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղը: Հանս Եոհան Շմիդտ հաստատած է, որ ինք գոհ է այցելութեան արդիւնքներէն, կուտակած է բաւական տեղեկատուութիւն եւ, վերադառնալով հայրենիք, հաղորդելու շատ բան ունի գործընկերներուն, գերմանական հանրութեան:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Արցախ-Գերմանիա հանրային, խորհրդարանական եւ այլ կապերու հաստատման գործընթացին առնչուող հարցերու, կարեւոր նկատուած է տարբեր կառոյցներու միջեւ լիարժէք տեղեկատուութեան փոխանակման անհրաժեշտութիւնը, ուրուագծուած են յառաջիկայի ծրագիրները: