Հոկտեմբեր 6ին Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Փարիզէն ժամանած պատուիրակութիւնը՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Ֆրանսուա Ռոշպլուանի գլխաւորութեամբ:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, անուանի բարերարներ, Արցախի Մարտունին քոյր քաղաք ճանչցուած ֆրանսական Լէ Պեն Միրապօ քաղաքի վարչակազմի պատասխանատուներ:

Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ տարբեր ձեւաչափերով իրականացուող բարեկամական յարաբերութիւններուն հետեւողականօրէն զարգացումին համար։ Ան այս առիթով յիշած է Արցախի մէջ ֆրանսացի քաղաքական գործիչներուն մասնակցութեամբ իրականացուած ծրագիրները։ Զրոյցի ընթացքին արծարծուած են Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան վերաբերող ծրագիրներ, երկու երկիրներու տարբեր քաղաքներուն միջեւ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնն ու յառաջիկային կատարելիքները։