Սուրիահայութեան օգտակար հանդիսանալու ջանքերը կը շարունակուին սփիւռքի հայկական գաղութներուն մէջ (լուսանկարին մէջ աշակերտական նախաձեռնութեան մը առիթով), մինչ Հայաստանի մէջ վերսկսած է որոշ ժամանակէ ի վեր կանգ առած սուրիահայերու հոսքը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, անդրադառնալով այս հարցին դիտել տուած է, թէ նոր ժամանումներու հարցը կապուած է Պէյրութ-Երեւան օդային թռիչքներու  վերսկսման, ինչպէս նաեւ Հալէպէն Լիբանան փոխադրակառքի վերականգնման հարցերուն:
Շաբաթական Հայաստան կը ժամանեն մօտ 200 սուրիահայեր, անոնց թիւը ներկայիս կը  գերազանցէ 10 հազարը:
Ըստ Հ. Յակոբեանի՝ Հայաստան ժամանած սուրիահայերէն քիչերը կը տեղափոխուին այլ երկիր, շատերը Հայաստանը կը նախընտրեն Լիբանանէն այն պատճառով, որ այստեղ  անվճար  կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունին եւ  պետութեան աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական բա- րեգործական կազմակերպութիւններու օժանդակութիւնը: