«Հ.Յ.Դ. անդամ էր, բայց համահայկական ընդգրկումով»

Հոկտեմբեր 25ին Հայաստանի ազգային արխիւի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս՝ նուիրուած Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին: Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն եւ ազգային նշանաւոր գործիչներէն մէկուն նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը արխիւային նիւթերու

ցուցադրութեան ընդմէջէն կը ներկայացնէ Զաւարեանի կենսագրութիւնը եւ ծաւալած գործունէութիւնը: Այդ գործունէութիւնը առաւել իմաստալից եւ ընդգրկուն կերպով ուրուագծելու նպատակով ներկայացուած էին նաեւ կուսակցական առնչակից փաստաթուղթեր, վկայութիւններ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր:
Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց ազգային արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Ամատունի Վիրաբեանը:

 

Ամատունի Վիրաբեան շեշտեց, որ արխիւը իր այս  ցուցադրութեամբ կը փորձէ առաւել ամբողջականօրէն ներկայացնել 19-րդ դարու վերջերուն թափ առած ազգային ազատագրական պայքարի առաջնորդներէն մէկը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նշանաւոր գործիչին կողմէ ստեղծուած եւ անոր առնչուող այն կարեւոր փաստաթուղթերուն, որոնք կը գտնուին արխիւի տնօրէնութեան մօտ եւ այս կարեւոր առիթով ներկայացուած են հանրութեան:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Հայաստանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանին: Ան անդրադարձաւ Զաւարեանի գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն, կարեւոր նկատեց անոր առանձնայատուկ դերակատարութիւնը՝ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ:
Է. Մինասեան կարեւոր նկատեց նաեւ այն ցուցադրութիւնը, որուն ընդմէջէն ազգային արխիւը կրնայ պատկերացում ստեղծել Զաւարեանի անձին եւ հասարակական, ազգային ու քաղաքական գործիչին վերաբերեալ:Ներկաները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան ցուցադրուած արխիւային նիւթերուն:
Զաւարեանի մահուան հարիւրամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ տարեվերջ:
Յիշեցնենք, որ նոյն օրերուն, Հայաստանի Ազգային Ակադեմիոյ մէջ կայացաւ Սիմոն Զաւարեանի նուիրուած գիտաժողովը, որու երկրորդ օրուան ընթացքին ներկայացուեցան զեկոյցներ, ուր տարբեր դիտանկիւններէ բնութագրուեցաւ Զաւարեան անհատը, գիտնականը, ազգային եւ հասարակական-քաղաքական գործիչը:
«Վէմ» հանդէսի խմբագիր, պատմական գիտութիւններու տոքթոր Գէորգ Խուդինեան զեկուցեց «Սիմոն Զաւարեանը եւ ազգի բարոյական վերածննդի հիմնախնդիրը» նիւթին մասին:
Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարանի «Ամբերդ» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն, տնտեսական գիտութիւններու տոքթոր Սամուէլ Աւետիսեանի զեկոյցին    նիւթն էր «Սիմոն Զաւարեանի դերը հայ գիւղատնտեսական տնտեսագիտական մտքի ձեւաւորման գործում»:
ՀՅԴ կեդրոնական արխիւի տնօրէն Վաչէ Բրուտեան  ներկայացուց «Սիմոն Զաւարեանը եւ ՀՅԴ ապակեդրոնացումը» նիւթը:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային արխիւի գրականութեան հիմնարկի աշխատակից, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Սուսաննա Յովհաննիսեանի զեկոյցը վերնագրուած էր «Յովհաննէս Թումանեանը եւ Սիմոն Զաւարեանի գաղափարական ժառանգութիւնը»:
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի աշխատակից, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Ալա Խառատեանի զեկոյցն էր «Սիմոն Զաւարեանի կերպարը արեւմտահայ գրականութեան մէջ»:
Վանաձորի պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մկրտիչ Դանիէլեան ներկայացուց «Սիմոն Զաւարեանի գործունէութեան նարոդնիկական շրջանը»:
Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի դասախօս Արթուր Ղազարեանը կարեւոր նկատեց մեծ գործիչը՝  որպէս «Սիմոն Զաւարեանը ընկերային արդարութեան ջատագով»:
Բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Թերեզա Շահվերդեանի եւ Վանաձորի պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս, մանկավարժական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Յարութիւնեանի համատեղ զեկոյցի նիւթն էր՝ «Սիմոն Զաւարեանի մանկավարժական հայեացքները»:
Հայաստանի զինուած ուժերու «Մայր Հայաստան» թանգարանի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Աւագ Յարութիւնեան ներկայացուց նորայայտ հեռագիրներ եւ յիշատակի խօսք, որոնց առիթը եղած է Զաւարեանի մահը: Մասնաւորապէս ներկայացուեցին Ստեփան Շահումեանի ցաւակցական հեռագիրը եւ այս առիթով գրուած Գարեգին Նժդեհի խօսքը:
Գիտաժողովի աշխատանքները շուտով կ'ամփոփուին եւ հետաքրքրուողներու տրամադրութեան տակ կը դրուին:

 

Խօսք առաւ նաեւ  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը: Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը սոսկ յարգանքի տուրք չէ Զաւարեանի յիշատակին: «Կարեւոր է մեր օրերում, կուսակցական, պետական եւ առհասարակ հանրային շրջանակների համար Զաւարեան անհատի գործունէութեան լուսաբանումը: Զաւարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսանելի դաս են, թէ՛ բարոյական, թէ՛ քաղաքական, եւ թէ հասարակական իմաստով», շեշտեց Հ. Մարգարեան:
«Զաւարեանը համարւում էր կուսակցութեան խիղճը, նա  չափանիշ էր ազնուութեան ու ինքնազոհաբերման: Զաւարեանի    խօսքը խարազանող մտրակ էր նախ իր, ապա եւ ուրիշների համար, որ պահանջում էր անկեղծ նուիրում, պահանջկոտութիւն ու նաեւ ինքնաքննադատութիւն: Բարոյականութիւնը նա արժեւորում էր որպէս հիմք կուսակցական ու քաղաքական գործունէութեան համար: Այսօրուայ մեր իշխանութիւնը եւս շատ դասեր կարող է սերտել Զաւարեանի թողած ժառանգութիւնից:
«Ապակենտրոնացման սկզբունքի հիմնական գաղափարախօսներից լինելով Զաւարեանը այդ գործելակերպի հիմքում տեսնում էր կառավարման ժողովրդավար ձեւը: Դրա մէջ էր նա տեսնում կուսակցութեան ուժը, անհատների ու կառոյցների ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ, ըստ Զաւարեանի, դա մի սկզբունք է, որ հաւաքական ու ժողովրդավար կառավարման հնարաւորութիւն էր ապահովում առհասարակ: Այս իմաստով եւս Զաւարեանը լաւ ուսուցիչ է մեր օրերի համար: Եւ մասնաւորապէս մեր պետութեան համար», իր խօսքին մէջ նշեց Հրանդ Մարգարեան: