Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը աշխատանքային երկօրեայ այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւսէլ, մասնակցելու համար Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) վեհաժողովին։ Այս ծիրէն ներս նախատեսուած է պայմանագրի մը ստորագրումը՝ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան եւ «Բժշկագիտական լուծումներ» ընկերութեան միջեւ։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վաչէ Գաբրիէլեան, Տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանէսեան, Կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, երեսփոխան Արտակ Զաքարեան:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Պրիւսէլի մէջ
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ