Երէկ տեղի ունեցաւ «Հրաչ Մուրադեան-արդարութեան պահանջ» հասարակական շարժումին եւ ՀՅԴ անդամներու բողոքի երթ‘ Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով: Երթին մասնակիցները Արամ Խաչատրեանի արձանին քովէն քալեցին դէպի Հայաստանի նախագահի նստավայր‘ յանձնելու սպանութեան բացայայտման պահանջին վերաբերեալ նամակը:
Իր խօսքին մէջ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ իրենք պիտի շարունակեն ուշադրութեամբ հետեւիլ այս ոճիրի բացայայտման եւ պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենան ոճիրի բացայայտման առնչուող համապատասխան մարմիններուն հետ: Պատգամաւորը նաեւ յոյս յայտնեց, որ պատկան բոլոր մարմինները ներգրաւուին ոճիրի բացայայտման մէջ:
Մասնակիցները վանկարկեցին տարբեր կարգախօսեր, ինչպէս‘ «Պարո՛ն նախագահ, կը պահանջենք բացայայտել ձեր մարտական ընկերոջ սպանութիւնը», «Հրաչ Մուրադեանի արիւնը գետին չենք ձգեր», «Կը պահանջենք պատժել սպանութեան պատուիրատուները»:
Այս առիթով նախագահ Սարգսեանին ուղղուեցաւ նամակ մը:
Նախապէս տեղի ունեցած էր մամլոյ ասուլիս Աղուան Վարդանեանի մասնակցութեամբ:


Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան գծով նախաքննական մարմինները կրնային աւելին ընել

ԵՐԵՒԱՆ.- Պռոշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութենէն 7 ամիս ետք «Հրաչ Մուրադեան. արդարութեան պահանջ» շարժումը 28 Հոկտեմբերին տուաւ երկրորդ մամլոյ ասուլիս մը։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչո՞ւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ այս մամլոյ ասուլիսը տալ՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց. «Առաջին՝ մենք մինչեւ հիմա փորձել ենք առաւելագոյնս զուսպ հետեւել նախաքննութեան ընթացքին եւ որեւէ միջամտութեամբ կամ, նախաքննութեան շահերից ելնելով, շատ չխօսենք այս մասին:
«Երկրորդ՝ երէկ ձերբակալուածի դատապաշտպանը յայտարարութիւն էր արել՝ կապուած համալիր փորձաքննութեան հետ, եւ միակողմանի գնահատականներ տուել այս փորձաքննութեանը: Այդ մասին միանգամից կարող ենք ասել, որ փաստաբանի եզրակացութիւնը միակողմանի է, եւ փորձաքննութեան եզրակացութիւնը նրան իրաւունք չէր տալիս նման գնահատականներ տալու:
«Երրորդ՝ կայ հասարակական պահանջ ե՛ւ Պռոշեան համայնքի բնակչութեան, ե՛ւ մեր կողմից, որ այս սպանութեան բացայայտումը մեր պետութեան իրաւապահ մարմինների պատուի գործն է, եւ սա չի կարող չբացայայտուել: 7 ամսուայ այս շարունակական ընթացքը մեզ իրաւունք է տալիս ասելու, որ իրաւապահ մարմինները կարող էին շատ աւելի ամբողջական նախաքննութիւն իրականացնել եւ շատ աւելի արդիւնքներ ունենալ մինչեւ հիմա: Առաջին հերթին, խօսքը վերաբերում է Հրաչ Մուրադեանի հանդէպ նախկինում՝ 2010 թուականին եղած մահափորձին, բազմաթիւ այլ միջադէպերի, եւ ցաւօք, մինչեւ հիմա այս երկու հիմնական գործերն իրար միացուած չեն:
«Յաջորդը՝ ժամանակն անցնում է, մարդիկ են մահանում, մարդիկ են հեռանում Հայաստանից, մարդիկ են աշխատանքի նշանակւում, որոնք այս կամ այն կերպ, հնարաւոր է, կարող էին աւելին իմանալ, տեղեակ լինել ինչ որ բաներից, եւ այստեղ մենք եւս բաց ենք տեսնում:
«Յաջորդը՝ «Հրաչ Մուրադեան, արդարութեան պահանջ» հասարակական շարժումը, Պռոշեան համայնքի նախաձեռնութեամբ, վաղը կազմակերպում է ակցիա՝ բողոքի, պահանջի երթ, ժամը 16.00ին՝ Արամ Խաչատրեանի արձանի մօտից դէպի նախագահական», հաստատեց Աղուան Վարդանեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ նախագահական նստավայրը ընտրուած է իբրեւ թիրախ՝ Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը այս ամիսներուն հազուադէպօրէն խօսած է, տեղեկութիւններ փոխանցած լրատուամիջոցներուն, բայց բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է ոստիկանապետին հետ, մինչեւ 7 հանդիպում՝ փոխոստիկանապետներուն, ոստիկանութեան այն վարչութիւններու պետերուն հետ, որոնք կը զբաղին այս հարցով, իսկ այս անգամ հանդիպում պիտի ունենան գլխաւոր դատախազին հետ:
Աղուան Վարդանեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ մամլոյ ասուլիսին ընդամէնը երեք պատկերասփիւռի կայանի ներկայացուցիչներ կը մասնակցին, եւ երբ կը նշուի, որ այս գործի բացայայտումը պետութեան, իրաւապահներու պատիւի հարց է, հասարակութեան գործն է, սակայն ընդամէնը երեք տեսախցիկ կայ, այդ ալ բանի մը վկայութիւնն է:
Հրաչ Մուրադեանի եղբօրորդիին՝ Յակոբ Մուրադեանի համաձայն, Հրաչ Մուրադեանի ընտանիքը ունի այն տպաւորութիւնը, որ այս հարցը կը տարուի դէպի փակուղի:
Պռոշեանի գիւղապետարանի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Լուսինէ Պետոյեան նշեց, որ Հրաչ Մուրադեանի սպանութենէն ետք գիւղապետարանի աշխատակազմը հրաժարական տուաւ, քանի որ չկար վստահութիւն. «Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը միմիայն քաղաքական ենթատեքստ ունէր, այսինքն՝ նրան սպանել էին միմիայն նրա աթոռին հասնելու համար: Այդ համոզմունքը ունենալով՝ հրաժարուեցինք աշխատանքից, որովհետեւ մտածում ենք, որ նոր ընտրութիւնները եւ նոր գիւղապետը անպայման կապ ունեն Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան հետ», յայտնեց Լուսինէ Պետոյեանը: