Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորի այցելութիւնը։
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն: Լեֆոր խօսեցաւ նաեւ Պաքու կատարած իր այցելութեան մասին: