Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու ծիրէն ներս, անցնող շաբաթավերջին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնութեամբ՝ կազմակերպուեցաւ այցելութիւն մեծ հայորդիի շիրիմին, որ կը գտնուի Լոռիի մարզի իր հայրենի գեղատեսիլ Այգեհատ գիւղին մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցի բազմաթիւ ընկերներ, ՀՅԴ Երիտասարդական, Պատանեկան եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնների անդամներ, հրաւիրեալներ եւ գրեթէ ամբողջ Այգեհատ գիւղի բնակչութիւնը:
Շիրիմը խնկարկուեցաւ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ:
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Մկրտչեանը, «Սիմոն Զաւարեան» ՀԿ նախագահ Գագիկ Շահվերդեանը, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, ՎԷՄ գիտական հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Գէորգ Խուտինեանը, Այգեհատ գիւղի դպրոցի տնօրէն Պարոյր Շահվերդեանը, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի նախագահ Հրաչ Թադեւոսեանը: Աւարտին ՀՅԴ Իրաքի կազմակերպութեան ղեկավար Պարոյր Յակոբեանի կնքահայրութեամբ տեղի ունեցաւ երիտասարդական խոստման եւ կուսակցական երդման արարողութիւն:
Այցելութիւն Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ