ՀՀ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Փետրուար 13-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Թուրքմէնստանի նորանշանակ դեսպան Գուրպաննազար Նազարովը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ Ազգային ժողովի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած 2014ի մամլոյ ազատութեան համաշխարհային ցանկին համաձայն՝ Հայաստան երեք կէտով բարելաւած է իր դիրքը եւ 180 երկիրներու կարգին կը գրաւէ 78րդ հորիզոնականը:

Ատրպէյճանական Haqqin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ հայամէտ կեցուածքներով յայտնի երեսփոխան Սթիվըն Փաունտ առաջարկած է բրիտանական խորհրդարանին մէջ կազմակերպել քննարկումներ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի նկատմամբ Բրիտանիոյ քաղաքականութիւնը յստակացնելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիին՝ Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակին 35-րդ տարեդարձին առիթով:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփորթ».- Սահմանադրական դատարանը 11 Փետրուարին կայացած աշխատակարգային որոշմամբ ուժի մէջ պահած է 24 Յունուարին տուած որոշումը, որով կասեցուցած էր «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» Հայաստանի օրէնքի 76րդ յօդուածը եւ 86րդ յօդուածի երրորդ մասը՝ մերժելով Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի միջնորդութիւնը: