ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական պետական թատրոնի սրահին մէջ 14 Փետրուարին՝ Տեառնընդառաջ եւ Սուրբ Սարգիս տօներուն առիթով տեղի ունեցած է «Սիրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանում» խորագիրով բարեսիրական ցուցահանդէս-տօնավաճառ։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների համար օրակարգային է դառնում այն, ինչ տարիներ շարունակ հայկական կողմը յայտարարել է՝ պահանջելով Ստեփանակերտի վերադարձը բանակցութիւնների սեղանին»,

Հայ գաղթականներուն եւ ըստ եղանակի գործերուն աշխատող բանուորներու վերաբերող կանոններու մեղմացումը խնդրած է Հայաստանի Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի քարտուղարը՝ Արթուր Պաղտասարեանը, նամակ մը յղելով իր ռուս պաշտօնակից Նիքոլայ Փաթրուչեւին: Ռուսական նոր օրէնսդրութեան համաձայն, հայերը կրնան Ռուսաստան մնալ առաւելագոյնը 90 օր՝ 180 օրուան ժամանակաշերտի մը մէջ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հաղորդած տուեալներուն համաձայն՝ Փետրուար 9-15-ը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շըփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարի պահպանման կարգը խախտուած է շուրջ 400 անգամ: Տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 2,5 հազար կրակոց:

Հայաստանն ու Արցախը շատ արագ ձեռնամուխ եղան իրարու կապող ռազմավարական, ընկերա-տնտեսական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող նոր ճանապարհի կառուցման: