ՀՀ ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Փետրուար 13-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Թուրքմէնստանի նորանշանակ դեսպան Գուրպաննազար Նազարովը: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ Ազգային ժողովի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման առիթով՝ Յովիկ Աբրահամեան յոյս յայտնած է, որ անոր գործունէութիւնը պիտի նպաստէ հայ-թուրքմէնական յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման ու խորացման: ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահը կարեւոր համարած է երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը՝ նշելով, որ պատրաստ է օժանդակելու այդ կապերու աշխոյժացման եւ պատգամաւորական բարեկամութեան խումբերու համագործակցութեան:
Թուրքմէնստանի դեսպան Գուրպաննազար Նազարովը վստահեցուցած է, որ իր փորձը պիտի օգտագործէ հայ-թուրքմէնական յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման համար:
Միջպետական յարաբերութիւններու խորացման հարցով դեսպանը կարեւոր համարած է միջխորհրդարանական կապերու աշխոյժացումը եւ նշած, որ Թուրքմէնստանի նորընտիր խորհրդարանին մէջ արդէն ձեւաւորուած է Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբ:
Երկուստեք կարեւոր համարուած է առեւտրատնտեսական կապերու զարգացումը, փոխգործակցութիւնը միջազգային կառոյցներու մէջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ այլ հարցեր: