Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանեց երէկ, Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Էվանկելոս Մէյմարաքիս, ընդառաջելով Հայաստանի իր պաշտօնակից Յովիկ Աբրահամեանի հրաւէրին: Յունաստանի խորհրդարանի նախագահին կ'ընկերակցի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գագիկ Ղալաչեան:

Նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՄԸՄ¬ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանի միջեւ: Հանդիպումին ներկայ էր «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան:

Փետրուար 21-ին Lեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հադրութ եւ Ֆրանսայի Վիեն քաղաքներու միջեւ ստորագրուեցաւ Բարեկամութեան հռչակագիր։ Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Վիենի քաղաքապետարանէն ներս։

ՀՀ սփիւռքի նախարարուհի Հրանուշ Յակոբեան շնորհաւորական հետեւեալ ուղերձը յղած է՝ Փետրուար 21ին նշուող մայրենի լեզուի օրուան առիթով

 ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւններու՝ ՀՅԴի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, ՀԱԿի, «Ժառանգութեան» երրորդ նիստը՝ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցին առնչուած: