Նման ուսումնարաններու փորձառութիւն կայ
Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ

Արցախի անվտանգութեան ապահովման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կը շարունակուին հայազգի նշանաւոր զօրավարներ Ա. Սուվորովի եւ Վ. Մատաթովի անուան ռազմական ուսումնարանի կառուցման աշխատանքները:

Հայաստան տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանին մէջ մեկնարկեցին “ՆԱՎՈԴՉԻԿ-2” անօդաչու թռչող սարքի փորձարկումները: Ինչպէս յայտնեցին Ռուսաստանի Զինուած ուժերու Հարաւային ռազմական օկրուգի մամուլի ծառայութենէն, փորձնական թռիչքներ կþիրականացնեն ցերեկը եւ գիշերը, կլիմայական տարբեր պայմաններու մէջ:

Եւրոմիութիւն-Հայաստան խորհրդարանական
համագործակցութեան յանձնաժողովը դժուարութեան մատնուած է

Սթրազպուրկի մէջ 5-6 Փետրուարին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 14-րդ նիստը անբաղձալի աւարտ ունեցած է: Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի աշխատանքներու աւարտին, կողմերը չեն յաջողած համաձայնութիւն կայացնել եզրափակիչ յայտարարութեան շուրջ:

«Երկիր Մետիա» եւ «Առաւօտ» կը հաղորդեն թէ 2007էն յետոյ, Հայաստանէն ընտանիքներով արտագաղթողներու տոկոսը 40-էն հասաւ 60 տոկոսի։

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանեան շարք մը գրախանութներ եւ հրատարակչութիւններ կը պատրաստուին իւրայատուկ անակնկալներով նշելու 19 Փետրուարը՝ Գիրք նուիրելու օրը: