ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիոլուր».- 14-15 Փետրուարին արդէն երրորդ անգամ ըլլալով Դիլիջանի մէջ պիտի կայանայ «Ձնեմարդուկ» փառատօնը: Կազմակերպիչներն են Ջերմուկի զարգացման կեդրոնի աշխոյժ երիտասարդներն ու տեղւոյն քա- ղաքապետարանը, որոնք կը խոստանան հրաշալի ժամանց ու տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով յագեցած փառատօնային ծրագիր իրականացնել:

Մինչեւ օրս փառատօնին մասնակցելու եւ սառէ քանդակներ պատրաստելու դիմում ներկայացուցած են 60 խումբեր, ինչ որ կը նշանակէ, որ Դիլիջանի մէջ պիտի պատրաստուին առնուազն 60 սառէ քանդակներ:

Սառէ քանդակներու ստեղծման հրաշալի արուեստը աստիճանաբար մուտք կը գործէ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ: «Փառատօնը կազմակերպելիս հաշուի ենք առել մի բան՝ Ջերմուկի հարստութիւնն ու ոսկին ջուրն է, այդ թւում եւ հանքային ջուրը եւ ձիւնը, ինչը պէտք է օգտագործենք ձմեռային տուրիզմի զարգացման նպատակով», ըսած է Ջերմուկի զարգացման կենտրոնի համանախագահ Վազգէն Գալստեանը:
«Փառատօնը տարածաշրջանում միակն է: Բոլոր քանդակների հեղինակներն անպայման կը պարգեւատրուեն, չհաշուած բուն մրցանակային ֆոնդը: Այդ օրերին հիւրանոցները Ջերմուկում բաւականին մատչելի են լինելու՝ մէկ անձը 8000 դրամ», աւելցուցած է ան:
Փառատօնի կազմակերպիչները մտահոգ չեն եղանակային անակնկալներէն։ Ըստ Վազգէն Գալստեանի՝ ջերմուկը ունի եղանակային հետաքրքրական առանձնայատկութիւն՝ ցերեկային ժամերուն միշտ հանգիստ եւ կայուն եղանակ է, երեկոյեան՝ արեւամուտէն ետք ջերմաստիճանը կը նուազի: «Ցուրտ եղանակն այս դէպքում անհրաժեշտ է, բայց դրան դիմանալու եւ միջոցառման գեղարուեստական մասն ապահովելու համար «Ձնեմարդուկ»ին կը մասնակցի նաեւ «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը՝ գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի առաջնորդութեամբ», յայտնած են կազմակերպիչները։
Զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է նաեւ աւանդական մշակոյթի մատուցումը: Արտասահմանցի զբօսաշրջիկը մեծապէս կը հետա- քրքրուի նման մրցումներով եւ ներկայացումներով։
Սառէ կամ ձիւնէ քանդակներու արուեստին ակունքը ժողովրդական ստեղծագործութիւնն է: