Մինչեւ 2014-ի Մայիս Հայաստանը պիտի աւարտէ Տաւուշի մարզի Պառաւաքար ու Վազաշէն գիւղերու միջեւ հիմնական ճանապարհի շինարարութիւնը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիոլուր».- 14-15 Փետրուարին արդէն երրորդ անգամ ըլլալով Դիլիջանի մէջ պիտի կայանայ «Ձնեմարդուկ» փառատօնը: Կազմակերպիչներն են Ջերմուկի զարգացման կեդրոնի աշխոյժ երիտասարդներն ու տեղւոյն քա- ղաքապետարանը, որոնք կը խոստանան հրաշալի ժամանց ու տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններով յագեցած փառատօնային ծրագիր իրականացնել:

Ազերիները այսպէս «կ'ըմբռնեն»
ողիմպիական հրադադարը յարգելու
իրենց ուղղուած կոչը

Սահմանի ամբողջ երկայնքով Փետրուար 10-ի լոյս 11-ի գիշերուան ընթացքին Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը եւ հայկական կողմի ուղղութեամբ կրակահերթեր բացած է: Հակառակորդը կրակած է Արցախի դիրքապահներու, իսկ ՀՀ Տաւուշի մարզին մէջ կրակած է նաեւ բնակավայրերու ուղղութեամբ:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս-Արցախփրէս».- 2013ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մուտքի վիզաներ ստացած անձերուն մէջ գերակշռած են ԱՊՀ երկիրներու քաղաքացիները:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան 7 Փետրուարին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախարա¬ րութեան ապագայ ծրագիրներուն, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին վերաբերող, եւ ընդհանրապէս մշակութային հարցերու մասին։