Ազերիները այսպէս «կ'ըմբռնեն»
ողիմպիական հրադադարը յարգելու
իրենց ուղղուած կոչը

Սահմանի ամբողջ երկայնքով Փետրուար 10-ի լոյս 11-ի գիշերուան ընթացքին Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը եւ հայկական կողմի ուղղութեամբ կրակահերթեր բացած է: Հակառակորդը կրակած է Արցախի դիրքապահներու, իսկ ՀՀ Տաւուշի մարզին մէջ կրակած է նաեւ բնակավայրերու ուղղութեամբ:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է, որ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակուած է 60 կրակոց, անոնց մեծ մասը՝ անկանոն: «Հայկական զինուած ուժերը պատասխան կրակ չեն բացած»,- ըսած է Յովհաննիսեան՝ աւելցընելով, որ հայկական կողմը զոհեր կամ վիրաւորներ չունի, իսկ առաւօտեան սահմանին վիճակը կայունացած է:
Թէեւ Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կոչ ըրած էր Սոչիի ձմեռնային ողիմպիականի ժամանակ հակամարտող երկիրներուն զերծ մնալ բռնութիւններէ եւ պահպանել ողիմպիական զինադադարը, սակայն ատրպէյճանական կողմը այդ օրէն ի վեր բազմիցս խախտած է զայն՝ հայկական դիրքապահներու ուղղութեամբ կրակահերթեր բանալով եւ սահմանին վրայ իրավիճակը լարելով: Ատոր ի պատասխան, հայկական կողմը պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է՝ որպէսզի ողիմպիական խաղերու ժամանակ սահմանին վրայ զոհեր չարձանագրուին եւ իրավիճակը չսրի:
Սահմանային անվտանգութեան հարցը քննարկուած էր նախապէս ալ, երբ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները այցելած էին ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը: Հանդիպման ժամանակ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը վերահաստատած էր հայկական կողմի դիրքորոշումը, թէ «հրադադրի ռեժիմը պէտք չէ խախտուի եւ պէտք է բացառուի սահմանին լարուած վիճակի ստեղծումը»:
Հայ դիրքապահները պատասխան գործողութիւններու անցած են միայն, եթէ ատրպէյճանական կողմը դիմած է սադրիչ գործողութիւններու: