ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային միութեանը եւ Վրաստանի՝ Եւրամիութեան հետ Ազատ առեւտրի համաձայնագրի կնքումը չեն խոչընդոտի երկու երկրների յարաբերութիւններին։ Ընդհակառակը, այս որոշումները նոր հնարաւորութիւններ են ընձեռում մեր գործարարներին»,

Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ դարաւոր բարեկամութեան ու պատմական առնչութիւններու վրայ հիմնուած հայ եւ յոյն բազմաբնոյթ յարաբերութիւնները, որոնք բաւականաչափ ներուժ ունին, եւ ատիկա երկկողմանի ջանքերով անհրա- ժեշտ է ամրապնդել: Այդ մասին յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ ընդունելով պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան գտնուող Յունաստանի խորհրդարանի նախագահ Վանկելիս Մէյմարաքիս:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Շուրջ 20 հայ ֆեմինիսթ գործիչներ «Ուան պիլիոն ռայզինկ» ծրագիրի ծիրին մէջ 14 Փետրուարին կիներու ձայնի բարձրացման եւ անոնց դէմ բռնութեան կանխարգիլման ուղղուած պարային ֆլեշմոպ կատարեցին Հիւսիսային պողոտային վրայ։

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնէթ».- Թուրքիոյ մէջ հրապարակուած է Կոմիտաս վարդապետին երգերու ձայնասկաւառակը՝ հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն լեզուներով գրուած, նոթագրուած եւ հեղինակուած։ Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» շաբաթաթերթը:

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստին արտակարգօրէն քննարկուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցած՝ «Նայիրիտ գործարան» փակ բաժնետիրական ընկերութեան մասնաւորեցման, ստանձնած վարկային պարտաւորութիւններուն եւ անհրաժեշտ ծաւալով տնտեսական գործունէութիւն չիրականացնելու պատճառները ուսումնասիրելու Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու նախագիծը: