ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան 27 Մարտին Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է Չինաստանի ժողովրդական դրամատան նախագահ Չոու Սեաոչուանի հետ: Քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ դրամատնային ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Այս ծիրին մէջ դրամատան կեդրոնական շէնքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի կեդրոնական դրամատան եւ Չինաստանի ժողովրդական դրամատան միջեւ համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութիւն:
Պաշտօնական հանդիպման եւ ստորագրութեան արարողութեան ներկայ եղած է նաեւ Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան: