ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Air Armenia օդանաւային ընկերութեան օդանաւը կատարեց իր առաջին թռիչքը դէպի Փարիզ:

«Եւրովիժըն-2014» երգի մրցոյթին օրերը հասան: Արամ MP3-ին եւ մրցոյթի հայաստանեան պատուիրակութիւնը Ապրիլ 27-էն արդէն կը գտնուին Քոփենհակըն, ուր սկսած է մրցութային նախապատրաստական գործընթացը: 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Շուշի քաղաք, ուր մասնակցած է արցախեան պատերազմի անուանի հրամանատարներէն մէկուն՝ Շուշիի պաշտպանական շրջանի հրամանատար, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր, գնդապետ Վաչագան Իշխանեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարի բացման արարողութեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան՝ անդրադառնալով սահմանադրական բարեփոխումներուն, երէկ Ազգային ժողովին մէջ յայտարարութիւններու բաժինի իր խօսքին մէջ նշեց, որ խորհրդարանական համակարգին անցումը զըսպումներու եւ հակակշիռներու մեքանիզմներ կը ստեղծէ, կ՛ապակեդրոնացնէ իշխանութիւնը, գործադիրը պատասխանատուութիւն կը կրէ խորհրդարանին առջեւ, հաւաքական կառավարումը ճկուն եւ թափանցիկ կը դարձնէ պետական համակարգը:

Հայաստանի խորհրդարանը 30 Ապրիլին ձայներու 101 թեր, 3 դէմ յարաբերակցութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ ընտրեց Գալուստ Սահակեանը: