Յառաջիկայ օրերուն քննարկման նիւթ պիտի դառնայ Հայաստանի նոր կառավարութեան կազմին հարցը:

Տակաւին յստակ չէ, թէ նախարարներէն որո՞նք պիտի շարունակեն պաշտօնավարել եւ ո՞ր քաղաքական ուժերը ներգրաւուած պիտի ըլլան գործադիր մարմինին մէջ: Տակաւին կը շարունակուին ՀՅԴ-ի հետ խորհրդակցութիւնները:

Իր հետագայ մարտավարութիւնը ճշդելու համար, Դաշնակցութիւնը կը սպասէ մեծամասնութեան պատասխանին, պիտի ընդունի՞ն իրենց ներկայացուցած 7 կէտերը, թէ՞ ոչ: Անոնցմէ խորհրդարանական կառավարման համակարգը եւ համամասնական ընտրակարգը կրնան իրականութիւն դառնալ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարելով, բայց միայն այդքանը բաւարար չէ:
«Այնպէս չէ, որ ըսին‘ 7 կէտերը կ՛ընդունինք, ու մենք ոտքի ելանք, եւ գացինք: 7 կէտերը ընդունելէն բացի‘ պէտք է յստակացուին նաեւ ամբողջական մեքանիզմները զանոնք առարկայականօրէն կեանքի կոչելու համար», ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Ընդդիմութեան մասին օրէնք, պիզնըսի եւ քաղաքականութեան տարանջատում, ընդդիմութեան վերահսկողական լծակներու տրամադրում. ասոնք խնդիրներ են, որոնք, եթէ կայ քաղաքական միասնական կամք, կարելի է լուծել առանց սահմանադրական բարեփոխումներու: Դաշնակցութեան ծրագրային առաջնահերթութիւններէն նաեւ այս հարցերը կը քննարկուին այս օրերուն իշխանութեան հետ: Արծուիկ Մինասեան վստահեցուց, որ համաձայնական կառավարութեան հարցը չի քննարկուիր: