ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքմենիստանի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետովի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքմենիստան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին բանակցութիւնները կայացած են բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ:

Բանակցութիւններուն ընթացքին շեշտը դրուած է երկու երկիրներուն միջեւ կառուցողական փոխանակման հիման վրայ համագործակցութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ փոխգործակցութեան վրայ:

Անդրադարձ կատարուած է քաղաքական միջպետական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, զոր բարձր գնահատած են երկու երկիրներու ղեկավարները՝ հաստատելով, որ նախապէս կնքուած համաձայնագիրներուն հիման վրայ կարելի եղած է աշխոյժ գործակցութիւն ծաւալիլ, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնուած է հետագային եւս յարաբերութիւնները խորացնելու պատրաստակամութիւնը:
Հայաստանի եւ Թուրքմենիստանի նախագահները հաստատած են, որ միջազգային քաղաքականութեան հիմնական հարցերուն նկատմամբ դիրքորոշումները միշտ եղած են մօտ ու համընկնած են իրարու՝ միջազգային մակարդակի վրայ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու մտադրութիւն արտայայտելով: Կողմերը լուսարձակի տակ առած են համընդհանուր հարցերու լուծման, կայուն զարգացման ապահովման, աշխարհի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման իմաստով Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան եւ անոր հովանիին տակ գործող հաստատութիւններու դերակատարութեան բարձրացման կարեւորութիւնը:
Երկու պետութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են Տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-թուրքմենական միջկառավարական յանձնաժողովին կարեւոր դերակատարութեան՝ մասնաւորապէս հեռանկարային բնագաւառներու մէջ գործնական փոխգործակցութեան ծաւալման իմաստով: Այդ գծով շեշտը դրուած է յանձնաժողովի գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութեան վրայ՝ առեւտրատնտեսական կապերու բնագաւառին մէջ յստակ արդիւնքներու ձեռքբերման նպատակով:
Երկու երկիրներու նախագահները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են մարդասիրական բնագաւառին մէջ համագործակցութեան՝ ընդգծելով համապատասխան կազմակերպութիւններու, մշակոյթի եւ արուեստի գործիչներու, հետազօտական կեդրոններու, կրթական հաստատութիւններու ու զանգուածային լրատուամիջոցներու միջեւ կապերու կարեւորութիւնը: Ձեռք բերուած են համաձայնութիւններ՝ գիտութեան եւ արհեստագիտութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան զգալի աշխուժացման վերաբերեալ:
Երկու պետութիւններու ղեկավարները՝ ողջունելով Թուրքմենիստանի մէջ Հայաստանի մշակոյթի օրերու կայացումը, դիտել տուած են, որ պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ միջոցներու 2015ին Հայաստանի մէջ Թուրքմենիստանի մշակոյթի օրերու կազմակերպման համար:
Նախագահները հաստատած են համագործակցութիւնը ամրապնդելու պատրաստակամութիւնը՝ ահաբեկչութեան, թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան, անօրինական գաղթականութեան, անդրսահմանային կազմակերպուած յանցաւորութեան, զէնքի ապօրինի առեւտուրի դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուած հիւրընկալութեան, ջերմ եւ բարեկամական ընդունելութեան համար ու Թուրքմենիստանի նախագահը հրաւիրած է Հայաստան: Վերջինը ընդունած է հրաւէրը՝ առանց յստակ թուական նշելու։