Ռուսաստանի մէջ գաղթականութեան օրէնսդրութեան խստացումը անդրադարձած է Հայաստանէն արտագաղթի ընթացքին վրայ: Այս տարուան առաջին եռամսեակին Հայաստանէն մեկնածներուն թիւը կրճատուած է 14,2%-ով:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար՝ Էդուարդ Նալպանտեան պաշտօնական այցով Թեհրան գտնուեցաւ:

Քոփենհակընի մէջ երէկ գիշեր կայացաւ Եւրատեսիլ երաժշտական մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչը, ուր հանդէս եկան 16 երկիրներ ներկայացնող երգիչներ: Առաջին ելոյթը վերապահուած էր Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ MP3ի, որ մեծ յաջողութեամբ կատարեց «Not Alone» երգը: Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն՝ Հայաստան յաջողեցաւ անցնիլ եզրափակիչ փուլ:

Ռուսաստանի կառավարութիւնը Պետական Տումային ներկայացուցած է նոր օրինագիծ մը, որ քաղաքացիութիւն ստանալու նոր կանոններ կը նախատեսէ ռուսախօսներու համար:

Քուէարկենք Արամ MP-3

«Եւրովիժըն-2014»ի այս տարուայ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ MP3-ին ելոյթ պիտի ունենայ այսօր Մայիս 6-ին կայանալիք մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլի ընթացքին՝ առաջին, ըստ ներկայացման շարքին: