Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը մեկնաբանութեամբ մը հանդէս եկաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահի ելոյթի կապակցութեամբ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Շաբաթ օր արձագանգելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի վերջին յայտարարութիւններուն ըսաւ, որ Հայաստան հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը՝ ատրպէյճանական - ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման համար:

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան երէկ News.am-ին փոխանցեց, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը ընդունեց կառավարութեան առաջարկը եւ պիտի մասնակցի նոր ծրագիրի ձեւաւորման:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անընդունելի եւ մտահոգիչ նկատած է Միջազգային խաղաղութեան «Քարնըկի» հիմնարկի կեդրոնատեղիին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի ելոյթը:

7 Մայիսի երեկոյեան կեանքէն հեռացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետու- թեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Կամօ Մարտիրոսեանը:

Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ MP3 «Եւրատեսիլ - 2014»-ի Քոփենհակընի եզրափակիչ փուլին հանդէս եկաւ, գրաւելով չորրորդ տեղը, ըստ երկիրներու տուած քուէարկութեան արդիւնքին, արժանավայել ներկա¬ յութիւն մը ապահոված ըլլալով։