Քոփենհակընի մէջ երէկ գիշեր կայացաւ Եւրատեսիլ երաժշտական մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչը, ուր հանդէս եկան 16 երկիրներ ներկայացնող երգիչներ: Առաջին ելոյթը վերապահուած էր Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ MP3ի, որ մեծ յաջողութեամբ կատարեց «Not Alone» երգը: Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն՝ Հայաստան յաջողեցաւ անցնիլ եզրափակիչ փուլ: