Ռուսաստանի կառավարութիւնը Պետական Տումային ներկայացուցած է նոր օրինագիծ մը, որ քաղաքացիութիւն ստանալու նոր կանոններ կը նախատեսէ ռուսախօսներու համար:

Նոր օրինագիծին համաձայն՝ նախկին Խորհ. Միութեան երկիրներու այն քաղաքացիները, որոնք կը տիրապետեն ռուսերէնին, քաղաքացիութիւն պիտի կարենան ստանալ երեք ամիսէն, եթէ վերջնական բնակութիւն հաստատեն Ռուսաստանի մէջ եւ հրաժարին իրենց երկրին քաղաքացիութենէն:

Այս օրինագիծին հաստատումը լուրջ մարտահրաւէր է Հայաստանի համար, քանի որ շատ հաւանական է, որ մեծ թիւով քաղաքացիներ որոնք կ’աշխատին Ռուսաստանի մէջ կամ կը փափաքին այդ երկիրը հաստատուիլ, կամ պարզապէս աշխատանքի բերումով կ’ուզեն աւելի դիւրաւ մուտք գործել Ռուսաստան, պարզապէս հրաժարին Հայաստանի քաղաքացիութենէն: