ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին քննարկուեցաւ «Հաշուապահական հաշուառման մասին» Հայաստանի օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծը, որով կ՛առաջարկուի մեծ կազմակերպութիւններու ֆինանսնական հաշուետուութիւնները հրապարակելէ առաջ պարտադիր հաշուեքննութեան ենթարկելու պահանջքը վերցնել։

«Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»-ը կազմակերպած էր «Համաձուլման ճամբէքով» խորագիրը կրող համագումար, որուն ընթացքին քննարկուած են սուրիահայերուն հիմնախնդիրները՝ բնակարաններու ապահովում, աշխատանքի հարց ու անոնց լուծման ուղիները:

Մայիս 20-ին Պրիւքսելի ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ, տեղի ունեցաւ 28+1 ձեւաչափով Հիւսիս-ատլանտեան խորհուրդի նիստը, ուր մասնակցութիւն բերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսենը, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի անդամ 28 երկիրներու դեսպանները:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագրի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ մեծանուն հայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի նուիրուած միջոցառում եւ «Ողբերգական լոյսի գոյները» խորագրով ցուցահանդէս-վաճառքի բացում,

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը, Ժաք Ֆորը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը: