ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Air Armenia օդանաւային ընկերութեան օդանաւը կատարեց իր առաջին թռիչքը դէպի Փարիզ:

Այս թռիչքով ընկերութիւնը կը վերականգնէ դէպի Ֆրանսա կանոնաւոր թռիչքներ ունենալու աւանդութիւնը: Թռիչքը իրականացուած է A-320 ինքնաթիռով:

Երեւան-Փարիզ-Երեւան կանոնաւոր թռիչքները այսուհետեւ շաբաթական երկու անգամ կ՛իրականացուին Air Armenia-ի կողմէ՝ Չորեքշաբթի եւ Կիրակի օրերուին: