«9 Մայիսը Հայաստանի ժողովուրդին համար սուղ է անով,
որ անիկա ազդարարած է նոր՝ խաղաղ կեանքի սկիզբը»

Շուշիի մէջ տօնակատարութեան ընթացքին նախագահ Սահակեան նախագահ Սարգսեանին յանձնեց «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մատուցած իր բացառիկ ծառայութիւններուն համար

Քաշաթաղի շրջանի Կարեգահ գիւղը այս տարուան Մայիսին պիտի մաքրուի ականներէ։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնած են «Landmine Free Artsakh» խումբէն՝ նշելով, որ այդ աշխատանքը պիտի կատարուի շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի նուիրատուներուն տրամադրած 35 հազար տոլար յատկացումին։

«Կրուզիա Օնլայն» կը գրէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է, որ ցանկալի պիտի ըլլար, որ այս անկեղծ համագործակցութիւնը օրինակ դառնար այլ երկիրներու համար:

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 2 Մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում՝ Հանրապետութեան նախագահին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան միջեւ:

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ պաշտպանեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը

Հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի «WBO»-ի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ (40-4, 28՝ նոք-աութ), աշխարհի ախոյեանի տիտղոսի պաշտպանութեան համար մղուած մենամարտին յաջողեցաւ յաղթել 35 տարեկան սերպ կռփամարտիկ Նիքոլա Սիեքլոչային (26-2, 8՝ նոք-աութ):