Սէյրան Օհանեան նշած է, որ 1994-ի զինադադարի կընքումէն յետոյ Ատրպէյճանը պարբերաբար կրակոցներու եւ յարձակողական հետախուզական գործողութիւններով լարուածութիւն կը ստեղծէ առաջին գիծի վրայ:

Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի մէջ խաղաղ բնակիչ մը Յուլիս 14-ին քարշակով հերկելու ժամանակ սպաննուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերէն արձակուած գնդակէն:

Աշոտեան նշած է, որ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն առաքելութիւնը խորքին մէջ կրկնակի ծանր է, որովհետեւ աշխատելով որպէս մանկավարժ, միեւնոյն ատեն անոնք իրենց ուսերուն կը կրեն Սփիւռքի խնդիրներուն դժուար բեռը՝ ծառայելով հայապահպանութեան նպատակին:

Յուլիս 10-ին Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան՝ «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»ու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանը զբօսաշրջիկներու համար աշխարհի 211 ամէնէն սուղ քաղաքներու ցանկին մէջ 187րդ դիրքին վրայ է: Ցանկը պատրաստած է «Mercer» ընկերութիւնը: