ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիւթ».¬ Նախորդ տարի ընթացք առած Ազգային պետական վիճակախաղ ծրագիրը բաւական յաջող ընթացք ու լաւ արդիւնքներ արձանագրեց: 2013ին վաճառուած է 260,000էն աւելի վիճակախաղի տոմս, եղած է 340է աւելի շահող: Որպէս նուէր տրամադրուող գորգերը արդէն յանձնուած են իրենց տէրերուն, իսկ Քաշաթաղի Իշխանաձոր շրջանին մէջ պիտի կառուցուի 10 առանձնատուն: Այս տուեալները «Նիւթ»ի թղթակիցին տրամադրած է

ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Յուլիսին՝ ժամը 15:00ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով) հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին մէջ, հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 1994 թուականի ծնունդ զինուոր Մովսէս Նորայրի

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ նախագահի ներկայացուցիչը անցեալ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցան Վարշաւիոյ մէջ՝ քննարկելով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ  կարգաւորման համար անհրաժեշտ շարք մը գաղափարներ:
«Դեսպան (Ճէյմզ) Ուորլիք հանդիպում ունեցած է Իկոր Փոփովի, Փիեռ Անտիոյի եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ

Պաշտօնական այցով Չիլիի Հանրապետութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանը հանդիպում ունեցաւ Չիլիի նախագահ Միշել Պաշելեթի հետ։
Նախապէս, Հայաստանի նախագահը ծաղկեպսակ զետեղած էր Չիլիի ազգային հերոս զօրավար Պեռնարտօ Օ'Հիգինսի յուշարձանին եւ  յարգանքի տուրք

Ըստ տեղեկութիւններու կ'իմացուի թէ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները եւ միաւորումները Իլհամ Ալիեւի ղեկավարութեամբ՝ ռազմավարական զօրավարժութիւններու շրջանակներու ծիրէն ներս  լայնածաւալ զօրավարժութիւններ կը կատարեն սահմանամերձ գօտիին վրայ: