Յուլիս 10-ին Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան՝ «Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»ու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ելոյթներով հանդէս եկան փառատօնի մասնակից պարախումբերը: Փառատօնի մասնակիցներուն իր կատարումով ողջունեց լիբանանահայ օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեան:
«Իմ Հայաստան» համահայկական երկրորդ փառատօնը այս տարի «Պարարուեստի օրեր»ով սկսաւ Յուլիս 1-ին, որու ծիրէն ներս աշխարհի 12 երկիրներէ՝ ժամանած 35 հայկական պարախումբեր ելոյթներով հանդէս եկան Երեւանի, Լոռիի, Շիրակի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Կոտայքի, Արարատի մարզերուն եւ Արցախի մէջ: Պարախումբերը ազգային, ժողովրդական հայրենասիրական կատարումներով հանդէս եկան ՀՀ տարբեր քաղաքաներու եւ Արցախի լեփ-լեցուն դահլիճներուն մէջ՝ արժանանալով ջերմ ընդունելութեան: Համերգային շրջագայութեան ընթացքին Սփիւռքէն ժամանած հայկական պարախումբերը այցելեցին նաեւ Օշականի «Մեսրոպ Մաշտոց» եկեղեցի, Հառիճավանք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, Նորավանք, Սբ. Յովհաննէս եկեղեցի, Խոր Վիրապ, Շուշիի եկեղեցի, ինչպէս նաեւ Սպիտակի մէջ այցելեցին երկրաշարժի զոհերու յուշահամալիր:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան ողջունեց պարախումբերու մասնակցութիւնը համահայկական այս փառատօնին, բարձր գնահատեց արուեստի միջոցով հայի տեսակն ու ոգին, ազգային մշակոյթը պահպանելու ջանքերը եւ նշեց. «Եթէ ոչ վաղ անցեալում Մայր Հայրենիքն էր արուեստագէտների ու արուեստասէր իր զաւակների միջոցով Սփիւռքի հայ համայնքներում փորձում կենսունակ ու յարատեւ պահել հայ ոգին ու նկարագիրը, ապա այսօր արդէն ինչ-որ չափով փոխուել են դերերը, եւ Սփիւռքի մեր նուիրեալները իրենց նկարագրի եւ ինքնութեան հայկական որակներն են բերել՝ յաւելելու մերին՝ հայրենականին: Եւ յաջողում են»:  Նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի գլխաւոր հովանաւոր «Օրանժ Արմենիա» ընկերութեան, հովանաւոր «Տաշիր Գրուպ» ընկերութեան եւ լրատուական հովանաւորներ Հանրային հեռուստաընկերութեան, «Շանթ», «Երկիր Մեդիա» հեռուստաընկերութիւններուն, Հանրային ռատիոյին՝ փառատօնի կայացման աջակցելու համար:
Այնուհետեւ նախարարի տեղակալը պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավարներուն յանձնեց «Իմ Հայաստան» համահայկական 2-րդ փառատօնի մասնակցութեան հաւաստագրեր եւ «Արարատից Եւրոպա», «Վարդուհի Վարդերեսեան» տեսասկաւառակներ:
«Իմ Հայաստան» փառատօնի ծիրէն ներս կþանցկացուին նաեւ խմբերգային արուեստի օրեր (Օգոստոս 1-էն 6), ասմունքի օր (Օգոստոս 16), տուտուկի փառատօն (Սեպտեմբեր 20-էն 24), հայ երգի օր (Սեպտեմբեր 26):