Աշոտեան նշած է, որ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն առաքելութիւնը խորքին մէջ կրկնակի ծանր է, որովհետեւ աշխատելով որպէս մանկավարժ, միեւնոյն ատեն անոնք իրենց ուսերուն կը կրեն Սփիւռքի խնդիրներուն դժուար բեռը՝ ծառայելով հայապահպանութեան նպատակին:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 15 Յուլիսին այցելած է Երեւանի թիւ 2 տարածաշրջանային պետական քոլեճ, ուր տեղի կ՛ունենայ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան տարեկան ծրագիրը:
Ողջունելով ուսուցիչները՝ նախարարը նշած է, որ այս տարի ուսուցիչներուն այցելած է դասաւանդութիւններուն ընթացքին, որպէսզի մօտէն գիտնայ ուսուցիչներուն ունեցած հարցերը, լսէ անոնց առաջարկներն ու դիտողութիւնները։ Աշոտեան նշած է, որ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն առաքելութիւնը խորքին մէջ կրկնակի ծանր է, որովհետեւ աշխատելով որպէս մանկավարժ, միեւնոյն ատեն անոնք իրենց ուսերուն կը կրեն Սփիւռքի խնդիրներուն դժուար բեռը՝ ծառայելով հայապահպանութեան նպատակին:
Նախարարը կարեւոր նկատած է նաեւ հեռակայ ուսուցմամբ վերապատրաստումները՝ նշելով, որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու յառաջընթացը առիթ կու տայ նման վերապատրաստումներ կատարելու, քանի որ ամէն ուսուցիչ չէ, որ կրնայ անձամբ հայրենիք գալ եւ հետեւիլ վերապատրաստումներուն:
Ուսուցիչները, որոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով հայրենիք կ՛այցելէ, նշած են, որ վերապատրաստումները շատ օգտակար են ե՛ւ մասնագիտական, ե՛ւ հայրենաճանաչութեան տեսանկիւնէ: Ուսուցիչները հիմնականին մէջ առաջարկած են արեւմտահայերէնը ներառել դպրոցական ծրագիրներու մէջ, որոշ նիւթերու դասապահերը աւելցնել, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են անվճար դասագիրքերու առաքման հարցին: Ի պատասխան՝ նախարարը նշած է, որ ներկայ դրութեամբ իրատեսական չէ, որ արեւմտահայերէնը ներառուի դպրոցական ծրագիրներու մէջ՝ դիտել տալով, որ անիկա հաւանաբար նկատի առնուի որոշ աւագ դպրոցներու մարդաբանական նիւթերուն մէջ: Բացի ատկէ, Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն մէկուն մէջ պիտի իրականացուի մագիստրոսական ծրագիր՝ արեւմտահայերէնով:
Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան տարեկան ծրագիրին կը մասնակցին 12 երկիրներէ 49 ուսուցիչներ: Յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին ուսուցիչները հանդիպումներ պիտի ունենան լաւագոյն մասնագէտներու հետ՝ Երեւանի պետական համալսարանի, Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի եւ Կրթութեան ազգային հաստատութեան դասախօսներուն հետ: