Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի մէջ խաղաղ բնակիչ մը Յուլիս 14-ին քարշակով հերկելու ժամանակ սպաննուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու մարտական դիրքերէն արձակուած գնդակէն:
Արցախի Հանրապետութեան դատախազութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. “Յուլիսի 14-ին` ժամը 14:00-ի սահմաններուն, Արվիդ Դանիէլեանը Ասկերանի շրջանի վարչական տարածքի մէջ գտնուող Ակնայ թաղամասի մերձակայքին տեղակայուած «Սարիջալու» կոչուող տեղանքի մէջ Գիւղի եւ գիւղատնտեսութեան աջակցութեան հիմնադրամի «Ագրոտնտեսութիւն թիւ 1» ՓԲ ընկերութեան պատկանող` իրեն ամրակցուած «Ջոնդեր» մակնիշի 13-97 ՆԿ պետհամարանիշի թրաքթորով հերկի աշխատանքներ կատարելու ժամանակ, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մարտական դիրքերէն ապօրինաբար ուրիշի մը դիտաւորութեամբ կեանքէն զրկելու նպատակով, ազգային ատելութեան շարժառիթով արձակուած կրակոցի հետեւանքով դէմքի շրջանին ստացած է հրազէնային գնդակային վիրաւորում եւ տեղւոյն վրայ մահացած:
Ասկերանի շրջանի դատախազութիւնը նախաքննութիւն կ'իրականացնէ»: