Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան եւ վարչութեան աշխատակիցները այցելած են Ծաղկաձորի եւ Հանքաւանի ճամբարներուն մէջ ամառնային արձակուրդի մեկնած առաջին դպրոցականներուն:

«Սիանս Պօ Արմենիա» կրթական հաստատութեան առաջին շրջանաւարտները Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանէն ստացան իրենց վկայականները։

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Աստուածաշնչեան ընկերութեան Արաբական ծոցի տարածաշրջանի ընդհանուր քարտուղար, Միջին Արեւելքի Աստուածաշնչեան ընկերութեան խորհուրդի ատենապետ դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանը եւ իր կողակից՝ Կիպրոսի «Նիկոսիոյ համալսարանի» բանասիրութեան բաժնի դասախօս, ընկերալեզուաբան դոկտոր Արտա Պոյնէրեան ճէպէճեանը:

Արցախի մէջ սկսան արդէն աւանդական դարձած Դաշնակցութեան պատանեկան ճամբարները: Չորրորդ տարին ըլլալով Արցախ ժամանած սփիւռքահայ երիտասարդները ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան հետ համատեղ ճամբարներ կը կազմակերպեն Արցախի տարբեր բնակավայրերու մէջ:

Երկու կողմերը նշեցին թէ վերջին տարիներուն ընթացքին հայ-յունական ռազմական համագործակցութեան ծաւալը շեշտակի աճ արձանագրած է