Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի, մեծաքանակ սպառազինութիւն վաճառելով Ատրպէյճանին՝ Ռուսիա իբրեւ դաշնակից պիտի կորսնցնէ Հայաստանը:

«Հայ - ռուսական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան ղեկավար Եուրի Նաւոյեան կը համարէ, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն կայ չօգտագործուած ներուժ, և Հայաստանի իշխանութիւններուն այսօր անհրաժեշտ է այդ յարաբերութիւններու նոր օրակարգ մշակել:

Եւրասիական տնտեսական միութեանը Հայաստանի անդամակցութեան նոր ժամկէտի մասին վերջերս յայտարարեց Ղազախստանի արտգործնախարար Երլան Իդրիսովը:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ մշակուած Հայաստանի մէջ արտագաղթի կասեցման ծրագիրը դեռեւս քննարկումներու փուլ կ'անցնի՝ այդ թւում նաեւ քառեակի շրջանակում. այս մասին Tert.am-ին ըսաւ ՀՅԴ պատգամաւոր, ծրագրի ղեկավար Արծուիկ Մինասեան՝ պնդելով, թէ ծրագրի մասին չէ մոռցուած։

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումի սկիզբը պիտի տրուի 31 Յուլիս 2014-ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան: Բանակումին կը մասնակցին 728 ՀՄԸՄ-ականներ, 17 երկիրներէ՝ Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Քուէյթ, Իրաք, Երուսաղէմ, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Ֆրանսա, Անգլիա, Հոլանտա, Յունաստան եւ Իրան: Բանակումին նշանաբանն է. «Արագածէն Արարատ, տէ՛րն ենք մեր Դատին»: