Նաշիոնալ Ճէոկրաֆիքի կողմէ Հայաստանի դասաւորումը որպէս երկրագունդի ամէնէն գեղեցիկ վայրերէն մէկը, իսկապէս շատ արժանավայել եղած է անցեալին։ Հոն կը նշուէր թէ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներ կրնան վայելել զանազան արկածախնդրային մարզաձեւեր: 

Յունիս 12-ին Երեւանի Արգիշտիի հրապարակին վրայ, (Էրեբունի թանգարանամերձ հրապարակ) «Հայ խոհարարական աւանդոյթների զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութիւնը կազմակերպեց արդէն 6-րդ անգամն ըլլալով «Հացը լեռներում» տօնածիսական ուտեստներու փառատօնը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանեան «Ոսկէ Ծիրան» 11րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի կազմակերպիչները գոհ են արդիւնքներէն: Սերգէյ Փարաջանովի 90ամեայ յոբելեանին նուիրուած փառատօնը եզրափակուեցաւ 19 Յուլիսին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ՝ հանդիսաւոր արարողութեամբ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը կը զրուցէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու ներկայացուցիչ Քաթրին Աշթընի հետ:

Երէկ առաւօտ, Արցախի Քաշաթաղի հիւսիսային կողմը, ականի վրայ պայթած է Արմաւիրի քաղաքապետ Ռուբէն Խլղաթեանը տեղափոխող ինքնաշարժը: