Հայաստանի «Արմինիըն Ճէոկրաֆիք» կազմակերպութիւնը զանազան ծրագիրներու կողքին, պատրաստած է նաեւ Արարատ մագլցելու ծրագիր մը:


Կազմակերպութիւնը, որ հիմնուած է Տիգրան Շահբազեանի կողմէ, սկսած է այս ծրագիրը մշակել 2012-ին: Շահբազեան աշխարհագրութեան մասնագէտ է եւ այս հանգամանքով պատրաստած է այս ծրագիրը, որ իսկապէս ինքնատիպ ու հետաքրքրական է, այն առումով որ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը ամբողջ աշխարհին ծանօթացնելու տեսանկիւնէն՝ ան կը շեղի ընկալեալ ճամբաներէ եւ նոր ճամբաներ կ'որոնէ: Շահբազեան կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը միայն եկեղեցական բնոյթ չունի, կան բնական յուշարձաններ ալ: Կ'ուզէ զբօսաշրջութեան միջազգային շրջանակներու ծանօթացնել Հայաստանի լայն կարելիութիւնները լեռնագնացութեան, լեռներու եւ քարայրներու հետազօտութեան եւայլն բնագաւառներուն մէջ: