ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Որդին այս Սեպտեմբերին՝ մէկ տարի ուշացումով դպրոց ուղարկած կինը, որ չէ ուզած իր ինքնութիւնը բացայայտել, «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ նիւթական պատճառներով չէ կրցած տղան տարեկիցներուն հետ դպրոց ղրկել։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի խօսքով՝ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի եզրափակիչ հռչակագրին մէջ ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ տեղ գտած ձեւակերպումները վնաս կը հասցնեն բանակցային գործընթացին ու տարածաշրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».- Ակադեմիկոս Վիկտոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակ շնորհելու համար «Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւնների ազգային ակադեմիա» ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեան տրամադրելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գիտութեան պետական կոմիտէին 2014 թուականին յատկացուած է 500,000 տոլար։ 

Զօրավարժանքի առաջին մարտական գործողութիւնը կայացաւ հայ-թրքական սահմանին վրայ, ուր ոչնչացուեցաւ Օսմանիա պայմանական անունը կրող պետութենէն ներթափանցած յարձակողական խումբ մը

Եւրոպայի 2016 թուականի ոտնագնդակի առաջնութեան ընտրական փուլի առաջին՝ Տանմարք-Հայաստան մրցումը աւարտեցաւ տանմարքցի մարզիկներու յաղթանակով՝ 2-1 արդիւնքով։